2013-10-12 09:01:47

Մարեմեան օրեր` Քահանայապետներու մարեմեան բարեպաշտութիւնը։


Քահանայապետնետու միջեւ, Պիոս ԺԲ Քահանայապետը, ամէնէն աւելի հայրապետական թուղթեր նուիրած է Ս. Կոյս Մարիամին` 8 թուղթ։ Ան եղած է առաջին Քահանայապետը որ աշխարհը նուիրագործեց Մարիամի Անարատ Յղութեան սրտին. 31 հոկտեմբեր 1942-ին, Ս. Կոյս Մարիամի յաճախակի երեւումներէն ետք` ֆաթիմա, Փորթուկալի մէջ, սկսեալ 13 մայիս 1917-ին։
Նուիրագործումի աղօթքին ան հետեւեալ աղերսը ուղղեց. ''Ձեզի` Անարատ Յղութեան, ձեր սրտին, մենք որպէս հայր քրիստոնեայ համայն ընտանիքին,... մարդկային պատմութեան ողբերգական ժամուն կը վստահինք, կը յանձնենք ու կը նուիրագործենք ոչ միայն Եկեղեցին այլ եւ համայն աշխարհը որ անհամաձանութեններէ յօշոտուած է, ատելութեան հրդեհէն այրած. զոհ իր անարդարութիւններուն''։
Յայտնենք որ Պիոս ԺԲ Քահայանապետին կը պարտինք ֆաթիմայի Տիրամօր յատնութիւններու ճանաչումն ու բարեպաշտութիւնը։
Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետի օրագրութիւններէն ի յայտ եկած է թէ Ան փոքր հասակին մարեմեան խոկումներ կը գրէր եւ ինչպէս նաեւ ընգծուած է անոր միշտատեւ նուիրագործումը Աստուածածնայ։ Ան Ս. Կոյս Մարիամին յանձնեց վատիկանեան Բ. տիեզերական ժողովը. բացման առաջին օրուայ խօսքին մէջ, 11 հոկտեմբեր 1962-ին` Տիրամօր տօնին օրը, որ ներկայիս կը յիշատակուի մէկ յունուարին։ Այդ օրը կը ոգեկոչուի Տիրամօր Աստուածային մայրութիւնը հռչակուած Եփեսոսի ժողովէն 431 թուականին։
''Ազգերու Լոյս'' վաւերաթուղթին մէջ, 21 նոյեմբեր 1964, Պօղոս Զ Քահանայպետը Աստուածածինը հռչակեց որպէս ''Մայր Եկեղեցւոյ'', եւ 2 փետրուար 1974-ին, հրատարակեց ''Մարիամի բարեպաշտութիւնը'' կոչուած առաքելական յորդորագիրը որուն մէջ խօսեցաւ ծիսակատարութեան ու մարեմեան բարեպաշտութեան սերտ կապին մասին ու այդ կապի զարգացումներու կարեւորութեան։
Բաւարար է վերակոչել Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի սերտ կապը Տիարամօր հետ, բաւարար է յիշեցնել անոր Քահանայապետութեան բնաբանը` ''Ամբողջովին Քեզի''։ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Քահանապետութեան 27 տարիներուն ընթացքին անոր բոլոր շարժուձեւերը, խօսքերը, պաշտօնական վաւերաթուղթերը, ներառեալ ''Փրկչագործին Մայրը'' կոչուած շրջաբերականը որ հրապարակուած է 25 մարտ 1987-ին, ինչպէս նաեւ անոր առաքելական թուղթը ս. Վարդարանի մասին` 16 հոկտեմբեր 2002-ին, կը բացայայտեն անոր Աստուածամօր հանդէպ ունեցած ջերմ բարեպաշտութիւնը ։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուայ բոլոր ընհանուր ունկնդրութիւններուն արտասանած ճառերուն մէջ հաւատացեալնները յանձնած է ս. Կոյս Մարիամին։ Կատարած բոլոր առաքելական ճամբորդութիւններու ընթացքին միշտ ուզած է պահ մը այցելել Մարեմեան սրբավայր մը։
Անցեալ 24 յուլիսին ֆրանչիսկոս Քահանայպետը Պրազիլի Աբարեսիտա Մարեմեան սրբավայրին մէջ նուիրագործեց իր քահանայապետութիւնը Սուրբ Կոյսին։ Իսկ անցեալ 22 սեպտեմբերին այսպէս աղօթեց Սարտենիայի` Գալիարիյի Պոնարեա Տիրամօր առջեւ. ''մենք կարիքը ունինք քու գթառատ ակնարկին, Մայրական ակնարկին որ բոլորէն աւելի կը ճանչնայ մեզ, ակնարկ մը լեցուն գութով ու խնամատարութեամբ։ Մարիամ, այսօր կ'ուզենք քեզի ըսել. Մայր ուղղէ մեզի քու հայեացքդ, այդ հայեացքը մեզ կ'առաջնորդէ դէպի Աստուած, քու հայեացքդ պարգեւ մըն է տրուած բարի Հօր Աստուծմէ, որ մեր կեանքին ամէն մէկ հանգրուանին մեզի կը հետեւի ու մեզ կը սպասէ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.